Sunday, October 10, 2010

95 Տարի Ուշացած Նամակը...

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԱՐԽԻՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ՝

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ


Նօթ.- Սոյն գրութեան անգլերէն ընդարձակուած տարբերակը լոյս տեսած է 
ԱՄՆ-ի Հայագիտական Ուսմանց Ընկերակցութեան (Society of Armenian Studies) պաշրօնական օրգան՝ JSAS-ի (Journal of The Society of Armenian Studies, տեսնել կցուած սոյն պլոկին) 2009-ի 2-րտ համարին մէջ՝ ուսումնասիրական նօթագրութիւններով, նկատի ունենալով որ ան ուղղուած է անգլիաւօս ու ընդհանրապէս ոչ հայ մասնագիտական ընթերցողներու: Գրութեան բովանդակած հետաքրքրական տեղեկութիւնները մեր ընթերցող հասարակութեան ալ ներկայացնելու նպատակով յօդուածագիրը հոս անոր խտացուած մէկ պատճենը հայերէնով կը ներկայացնէ:
* * * * *
Օսմանեան արխիւներէն դուրս բերուած ներքեւի նամակը կը պատկանի Հայկ (իմա՝ Հրաչ) Թիրիաքեանի գրիչին: Ընթերցողին ուշադրութեան կը յանձնեմ այն իրողութիւնը, որ Հայկ-Հրաչ Թիրիաքեանը Հ.Յ.Դաշնակցութեան հաւատւոր զինուորներէւն էր, ինչպէս նաեւ «Պանք Օթոմանի» գրաւման մասնակից հիմնական դերակատարներէն մինԱպրիլ 1915-ին ան Հ.Յ.Դ.ի Պոլսոյ «Պատասխանատու Մարմնի» անդամ էր:
Օսմանեան լեզուով գրուած ու մեծադիր չորս էջերէ բաղկացած Թիրիաքեանի նամակը ուղղուած է Օսմանեան Կայսրութեան Խորհրդարանի Էրզրումի հայ պատգամաւոր՝ վարդգէս «Էֆենտի» Սերենկիւլեանին, նպատակ ունենալով որ այս վերջինը միջամտէ Իթթիհատի կեդրոնական իշխանութիւններուն մօտ ու յատկապէն իրենց բարեկամը եղող ներքին գործոց նախարար՝ Թալաաթին մօտ, որպէսզի Թիրիաքեան  դուրս բերուի Քասթամոնու նահանգի Չանքըրըյի իր աքսոր-բանտավայրէն:
Թիրիաքեան ինչպէ՞ս կարող էր իմանալ որ իր նամակը գրած միջոցին Սերենկիւլեան, Գրիգոր Զոհրապի ընկերակցութեամբ աքսորականի կեանք ապրելէ ետք, արդէն իսկ Զոպհրապի հետ միասին եղերնամահ եղած էր...
Կը մնայ նաեւ աւելցնել, որ Թիրիաքեան իր նամակը գրած ու զայն փոստին յանձնած է 1915 թուականի Մայիսի 15-ին:
Նամակը, օրին ղրկուած չըլլալով, պահուած է Քասթամոնույի Նահանգային կարավարութեան արխիւին մէջ: 1917 Ապրիլ 18-ին, Նահանգապետարանի պաշտօնեան նամակը  կը յղէ Պոլիս, Ներգին գործոց նախարարութեան, պատճարաբանելով որ ան օրին փոստին յանձնուած չէ եւ թէ «...Հետեւաբար, նամակը ձեզ կ'ուղարկենք, որպէսզի դուք այդ գծով պարտն ու պատշաճը կատարէք, յատկապէս ինչ կը վերաբերի զայն իր հասցէագրուած տիրոջ յանձնելու իմաստով
Նամակը ինքնին բացատրական ըլլալով ես հոս պիտի կանք առնեմ ու անոր օսմաներէնէ Հայերէն կատարած  թարգմանութիւնս պիտի յանձնեմ ընթերցողին ուշադրութեան:
Չմոռնանաք, որ նպատակը Օսմանեան արխիւներուն մէջ տակաւի'ն պահուած նման «գոհար»ներու գոյութիւնն արխիւվագրելը խիստ կարեւոր բան մըն է, որուն նկատմամբ շատ քիչ աշխատանք թափուած է ցարդ...
* * * *
Թարգմանիչի Նօթեր.-
  1. Հայկ Թիրիաքեան.- Նաեւ ծանօթ` Հրաչ Թիրիաքեան անունով, 1896-ին «Պանք Օթոման»ի գրաւման մասնակցող խումբի անդամներէն է: 1915-ի Ապրիլին ան Հ.Յ.Դ. «Պոլսոյ Պատասխանատու Մարմին»ին մաս կը կազմեր: Ձերբակալուած:՝  24  Ապրիլ, 1915-ին (հին թուահամարով՝ 11 Ապրիլ, 1915-ին):
  2. Վարդգէս Սերենկիւլեան.- Հ.Յ.Դ.ի երկարամեայ քաղաքական գործիչ եւ Օսմանեան Խորհրդարանի Էրզրումի անդամ: Թէեւ Թալաաթի մօտիկ բարեկամ նկատուող, սակայն եւ այնպէս 1915-ին սպաննուեցաւ Գրիգոր Զոհրապի հետ:
  3. Ակնունի.- Խաչատուր Մալումեան, Հ.Յ.Դ. «Պոլսոյ Պատասխանատու Մարմին»ի ներկայացուցիչ: Դարձեալ սպաննուած՝ 1915-ին:
  4. Թարգմանութեան մէջ այլ նօթեր եւս կան, որոնք փակագիծերու մէջ են եւ բացատրութիւններ ու պարզաբանումներ կուտան նօթի արարկայ եղող անձին կամ դէպքին մասին:
  5. անվերապահօրէն չենք կրնար հաստատել եթէ նամակի Օսմաներէն ձեռագիրը Հայկ (Հրաչ) Թիրիաքեանինն է: Չենք գիտեր անոր Օսմաներէնի տիրապետութեան մակարդակը: Ուստի հնարաւորութիւն կայ որ նամակը մէկ ուրիշի կողմէ գրուած ըլլայ: Սակայն թէՆամակի պարունակութիւնը Թիրիաքեանինն է, այդ կը հաստատվի հոն տեղ գտած կարգ մը տեղեկութիւններէն, որոնց միայն ինք կրնար տեղեակ ըլլալ: Նամակի վերջաւորութեան կայ նաեւ Հայկի հայերէն ստորագրութիւնը:
Օսմանեան Արխիւի Տնօրէնութիւն
(Osmanlı Arşiv Başbakanlık).-
Արխիւ թիւ.-
DH.EUM.[Dahiliyye Evrak Umumi] 2 Ş b, 7-56
(Ներգին Գործոց Նախարարութեան Հասարակական Թղթեր)
[Էջ 000]
Պետական Գործիչի կողմէ կցուած օրինական գիրը.-
ՔԱՍԹԱՄՈՆՈՒ ՆԱՀԱՆԳ
ՊԵՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԳԻՐ՝ ԹԻՒ 2876-231
ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ
ԱՄՓՈՓՈՒՄ.- ՉԱՆՔԱՐԷ ԳՏՆՈՒԱԾ ՄԻՋՈՑԻՆ ՀԱՅԿ ԹԻՐԻԱՔԵԱՆԻ ԳՐԱԾ ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ՆԱՄԱԿԻՆ ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻ
Ներքին Գործոց Նախարարի Վսեմութեան.-
Չանքարէ հեռացուած հայերէն՝ Հայկ Թիրիաքեանի սոյն նամակը, որ ուղղուած Է Տար Սաատաթ (Պոլիս, Կ.Մ.) բնակող Էրզրումի խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Էֆէնտիին (մինջ այդ, Վարդգէս արդէն մօտ երկու տարի առաջ սպաննուած էր Գրիգոր Զոհրապի հետ, աքսորի ճամբուն վրայ), որոշ ժամանկի համար եւ շուարուածութեան պատճարով փոստին յանձնաուած չէ ու այդպիսով Մութասարիֆութեան մօտ մնացած էՀետեւաբար, նամակը ձեզ կ'ուղարկենք, որպէսզի դուք այդ գծով պարտն ու պատշաճը կատարէք, յատկապէս ինչ կը վերաբերի զայն իր հասցէագրուած տիրոջ յանձնելու իմաստով:
18 Ապրիլ 1917 (նոր թուականով՝ 1 Մայիս 1917) 
Նամակը նահանգային կառավարութեան յանձնուած է՝
19 Մայիս, 1915-ին ( նոր թուականով՝ 1 Յունիս, 1915-ին)
Քասթամոնու Նահանգի Կառավարիչի պաշտօնական կնիք
[Էջ1-4, բնագրի մէջ՝ 2/1]
16 Մայիս, 1915 (նոր թուականով՝ 29 Մայիս, 1915) 
Սիրելի Վարդգէս.-
Ըլլալիքը եղաւ: Մինջեւ հիմա իսկ մեր չըսպասած իրավիճակը իրականութիւն դարձաւ: Բոլորս խմբովին աքսորուեցանք: Մեզ վրդովմունքով լեցնող աքսորը կաթիլ մըն է միայն: Նոյնիսկ հինէն ի վեր նման կացութիւններու վարժուած մեզ նման մարդոց համար այս աքսորը բաւականին դժուար եղաւ: Վրդովմունքով լեցուած ըլլալուս պատճառե սա է.- Մեր գծով ամենամեծ անարդարութիւնը գործադրուեցաւ (Ընդգծումը՝ Կ.Մ.):
Մեզ աքսորեցին:
Այնպէս կը թուի որ անոնցմէ քիչերը միայն մեզ կասկածելի անձեր կը նկատեն: Նոյնիսկ մեր նկատմամբ այս անտեսումի պատճարը տակաւի'ն չիմանալով հանդերձ՝ օսմանեան կառավարութիւնը մեզ իբրեւ կասկածելիներ ձերբակալեց եւ Ստամպուլէն հեռու՝ աքսորավայրեր փոխադրեց:
Ըսել կ'ուզեմ որ իմ Ստամպուլ(Պոլիս, Կ.Մ.) գտնուիլս տակաւի'ն արգիլուած կը տեսնուի: Մեր մէջ խումբին (իմա՝ ՀՅԴ-ին, Կ.Մ.) պատկանողներէն զատ շատ մը անգոյն, անկողմ, ամէն տեսակի մարդիկ կը գտնուին ՝բժիշկ, դեղագործ, իրաւաբան, վաճարական, նաւավար, ձկնորս, նոյնիսկ խաներու աշխատաւորներ ու տելլալներ: Բոլորն ալ աքսորուած են: Այս բոլոր տեսակի ամրդոց մեր հետ աքսորուիլը  կը նշանակէ որ մենք անկարող ենք բոլորին ինքնութիւնը իմանալու: Երիտասարդէն մինչեւ ծեր մարդիկ կան ասոնց մէջ: Նմանօրինակ անուններ ունեցողներ ալ կան: Մեր հետ է նաեւ հռչակաւոր գրագետ Վրդանես Փափազեանը (Կոմսի, Վահան Բաբազեանի -- որ նաեւ Օսմանեան Խորհրդարանի Վանի անդամն էր-- մեծ եղբայրը, Կ.Մ.): Անոր աչքերը կը ցաւին ու գրեթէ կոյր է: Խեղճ (զավալլը) եւ ծեր մարդը մինչեւ հոս աքսորած ենՎարդգէս, քեզմէ կը խնդրեմ որ Վսեմ Բարձրութեանը (Թալաաթ Փաշա, Ներքին Գործոց նախարար, Կ.Մ.) իմաց տաս, որ Հայկ Թիրիաքեանը սխալմամբ Այաշ կը գտնուի: Այս դիւրիմացութիւնը սրբագրելու համար հատուկ խնդրագիր ներկայացուցէ'ք: Իմ հարցիս կապակցութեամբ այստեղ հարկաւոր բացատրութիւններն ու յստակացումները կատարելս ոչ մէկ արդիւնք տուաւ:
[Էջ 2-4, բնագրի մէջ՝ 2/A]
Այս բոլոր խեղճերը (զավալլըները), զիս, եւ դէպի Թարթուս ուղղուելիք շարք մը հայերուն հոս հաւաքուիլը տակաւի'ն չեմ կրնար հասկնալ:
Այնպէս կը թուի, որ կեդրոնական կարավարութիւնը մեզ հոս քշելով հանդերձ, նախապէս այդ գծով կարգադրութիւններ չէր կատարած: Բոլորն ալ հոս քշած էր մէկ իմաստով: Կասկածելով որ բոլորն ալ Դաշնակցութեան անդամ էին:
Սիրելիս Վարդգէս.-
Ես քեզ իմ կացութեանս պատճար կը գրեմ կոր: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ: Պարզապէս կ'ուզեմ որ իմ կացութիւնս եւ զգացական վիճակս գիտցուի ուր եւ որուն կողմէ որ հարկ է: Այս կ'ընեմ քաջ գիտնալով որ նկարագիրդ չի ձգեր քեզ որ անտարբեր մնաս: Դուն որ կեդրոնական կարավարութեան ու մեր կազմակերպութեան (Հ.Յ.Դ.-Կ.Մ.) միջեւ միջնորդի դերը կը կատարես, իմաց տուր կարավարութեան որ մեր կողմէ, նոյնիսկ վայրկեանի մէ համար, ոչ մէկ սխալ քայլ առնուած է: Կառավարութիւնը թող այս գծով հանգիստ ըլլայ. մտահոգուելու կարիք չունիԻնչ որ ալ պատահի, միակ կազմակերպութիւն մը (Հ.Յ.Դ.-ն-Կ.Մ.) չի կրնար յանձաւոր նկատուիլ: Հետեւաբար, անոր անդամներն ալ ձերբակալութեան արժանի չեն կրնար ըլլալ: Կազմակերպութիւն մը, որ քսան եւ հինգ տարիներէ ի վեր այս երկրէն ներս հաւասարութիւն հաստատելու վաւերագրուած պատմութիւն ունի եւ այդ ճամբուն վրայ նահատակներ ալ տուած է: Սահմանադրութեան հռչակումէն եւ անոր հետեւող Ատանայի տխուր դէպքերէն սկսեալ այս կազմակերպութիւնն ու անոր կուսակցական միաւորները ոչ մէկ ատեն նախայարձակ եղած են: Ընդհակառակն, անոնք նահատակութիւնն ալ յանձն արած են եւ նոյնիսկ հայերու հանդէպ գործադրուած ամենավատ պատահառներու դիմացն իսկ, իբրեւ կազմակերպութիւն հաւատարիմ ու անկեղծ գտնուեցաւ նոր կառավարութեան եւ ընդիմացաւ անոր հակարակելու բոլոր կոչերուն: Այս կազմակերպութիւնը, որ օրին ցոյց տուած է որ կրնայ զինեալ պայքար ծաւալել, սահմանադրութեան հռչակումէն ի վեր անոր հիմնական պաշտպանը եղած է եւ իր մարտական կառոյցն ալ ամբողջութեամբ կազմալոյծ էրած է: Հիմա այս կազմակերպութիւնը հանկարծ կասկածելի՞ կը նկատուի:
Ինչո՞ւ այսպէս կ'ընեն սիրելի Վարդգէս: Ինչո՞ւ այս կազմակերպութիւնը իբրեւ թէ կառավարութեան դէմ դաւեր լարողի դէրին մէջ կը դնեն: Այս բոլորը մեզմէ ոչ ոքի մտքէն իսկ չէ անցած: Արդէն այս է զիս ամենէն աւելի ջղային դարձնողը: Արդիօք մե՞նք ենք պատասխանատուն Կովկասեան ճակատին վրայ եղածներուն: Մենք երբեւիցէ պատասխանատու չենք այդ դէպքերուն: Որքան որ ալ փորձեն չեն կրնար ըսել որ հոն եղածներուն մէջ մենք պատասխանատու ենք: Այդ մէկը հախուրն ու տաք բանախօսութիւններով չեն կրնար փաստուիր: Կուսակցութիւնը շատ պարզ կերպով հաւատարիմ մնաց կարավարութեան: Մենք ոչ մէկ ատեն կապակցութիւն չունեցանք այդ շարժումներուն հետ: Նոյնիսկ երբ կեդրոնական կառավարութիւնը հակառակեցաւ այդ շարժումներուն մեր կազմակերպութիւնը հաւատարիմ մնաց անորՄենք նոյնիսկ մեր պատգամաւորներով քաղաքական այդ գծին հաւատարիմ մնացինք խորհրդարանէն ներս:     
[Էջ 3-4, բնագրի մէջ՝ 2/A-ի շարունակութիւն]
Մենք տակաւին մեր այդ կեցուածքը կրնանք նոյնիսկ նման անկիւններու մէջէն (ուր որ ես այժմ կը գտնուիմ) ալ կրկին յայտարարել: Մենք տակաւի'ն հաւատարմութեամբ կը տանինք իրենց կողմէ մեր հանդէպ ցուցաբերուած նախատական եւ ջղայնացուցիչ կեցուածքը: Կրնանք տակաւի'ն համբերող ըլլալ եւ խիզախութիւն ցուցաբերել եւ միեւնոյն ժամմանակ հիմնովին հերքել մեր դէմ իրենց գեղազերծած զրպարտութիւնները: Չեն կրնար մեր անցեալի դատումով մեր հետ վարուիլ իբրեւ անցեալի յաղափոխական կազմակերպոիւթիւն եւ այդ իմաստով մոռնալ այն բոլորը՝ զոր մեր եւ իրենց միջեւ պատահեցաւ վերջին ժամանակաշրջանին:
Այսօր մեզ պատող խորունկ վիշտ մը եթէ կայ, այդ ալ այն է որ մենք մեր պարտականութիւնե լիուլի կատարելով հանդերձ անոնք ոչ մէկ կարեւորութիւն կ'ընծայեն մեզ:
Կառավարութիւնը պարզապէս կը հերքէ այն բոլորը, որմով մեզմէ շնորհակալ էր անցեալին: Եթէ Դաշնակցութեան հայ հաւաքականութեան տարրական իրաւունքներուն մասին խօսք տալէ ետք, երբ կազմակերպութիւնը այս գծով իրենց (կարավարութեան) դիմած է, այդ կատարած է հայ հաւաքականութեան ու անոր պատիւին պահպանութեան, ինչպէս նաե'ւ անոր զարգացման ապահովման համար: Այս հարցերը երկրի տարրական օրէնքին մէջն իսկ գտնուիլուն մասին կարավարպւթիւնը լաւապէս տեղեակ էԿը ցաւիմ սակայն, որ կարավարութիւնը այդ տարրական իրաւունքներն իսկ կը զլանայ հայութեան ու մեր կազմակերպութեան: Տակաւի'ն, փոխանակ որ երկիրն ալ այս կացութենէն օգտուելու առիթը կորսնցնելով՝ այս կարավարութիւնը ամբողջովիին շուր կու տայ վերջին քսան տարուն ընթացքին այս հարցի կապակցութեամբ կատարուածները: Հակառակ այդ բոլորին ես տակաւի'ն կը հաւատամ հետեւեալին.- Հայ ժողովուրդին զարգացումը հայութեան Թուրքիոյ սահմաններէն ներս մնալով է որ կրնայ ապահովուիլ, որովհետեւ Արեւմուտքին ապավինիլը այդ (իմա՝ հայութեան ֆիզիքական) գոյութիւնը միայն վտանգի կ'ենթարկէ: Մենք ամեն տեղ ու ամեն վայրկեան այս կարծիքի արտայայտողները եղանք: Մենք տակաւին սրտով ու մարմնով  հաստատ կը մնանք մեր այս համոզումին վրայ:
Սիրելիս Վարդգէս.- Պատերազմի բերումով քու (երկրէն) դուրս ղրկած ցուցմունքներդ, որ երկրի պաշտպանութեան համար մենք ալ իսլամ բնակչութեան նման մեր կարելին ի գործ պիտի դնենք, պէտք է բոլոր հարկաւոր տեղերուն դարձեալ փոխանցես: Մենք արդեն տեղեկացանք, որ իսլամները բոլոր վայրերու մէջ եւ մանաւանդ Իստանպուլի մէջ այնպէս մը կ'արտայայտուին, որ իբր թէ եթէ հայերը օտար պետութեանց կողքին ըլլան, անոնց լաւ դաս մե պիտի տան: Կը խնդրեմ որ այս կէտը նկատի ունենաս եւ բոլորին յստակացնես որ հայութիւնը նման կեցուածք պիտի չորդեգրէ: Այս մէկը պէտք է նաեւ տպուի մեր եւ միւս թերթերուն մէջ: որպէսզի բոլորն ալ իրականութիւնը իմանան:     
 [Էջ 4-4, բնագրի մէջ՝ 2/2B]
Հոս միջատներուն զոհը չերթալու համար զանոնք մագրագործելու որոշում առինք: Նման հարցերու մասին խօսիլը յարմար չէ ազգակից: Ապրած վայրդ մաքուր պահելը մարդկութեան ամենէն տարրական սկզբունքներէն մին է: Սակայն, նամակս գրելու պահուն միջատներու խայթուածքներէն այնքան կը վրդովիմ, որ տեղս հանգիստ չեմ կրնար նստիլ ու մատիտս շարժել:
* * * * *
Մինջ մենք այս մտածումներուն մէջ էինք, Ապրիլի 11-ին (նոր տոմարի հիմամբ՝ Ապրիլի 24-ին) գիշերը մեր բարեկամ Ակնունիին (Խաչատուր Մալումեան, Կ.Մ.) տունն էինք: Քննիչ սպայ մը հարցաքննութեան եկաւ: Դուն ալ հոն էիր: Երեք ժամ տեւող հարցաքննութենէն ետք մեր բարեկամին առին ու իրենց կեդրոն տարին: Անկէ քիչ մը առաջ մեր մէկ այլ ընկերոչ՝ Խաժակին (Գարեգին Խաժակ, Կ.Մ.) ալ առած ու տարած էին: Կէս գիշէրուան մօտ բաժնուեցանք: Դուն քու տունդ գացիր հանգստանալու, իսկ ես ալ Ազատամարտ-ի (1909-էն ի վեր Դաշնակցութեան Պոլսոյ օրկան, Կ.Մ.) շէնքը գացի հանգստանալու համար: Ինծի հոնկէ վերցուցին (ձերբակալեցին, Կ.Մ.):   Պատասխանատու Մարմնէն (Հ.Յ.Դ. Պոլսոյ Պատասխանատու մարմին, Կ.Մ.) երկու հոքի ձերբակալելէ ետք էր միայն, որ հանգիստ կրցան քնանալ:
Սիրելիս Վարդգէս,
Դուն զիս լաւ կը ճանչնաս: Գիտես որ գրել ալ շատ չեմ սիրեր: Հետեւաբար մէջս այնքան լեցուած պէտք է ըլլայ որ չորս էջ լեցնեմ...
Եղբայրութեամբ՝
Քասթամոնու Վիլայէթի Չէնքէրէ քաղաքի
Սաֆայի Խաթէր Շրջանի պատասխանատուն
եղող՝ Ահմէտ Էֆէնտիին տանը բնակող՝
Հայկ (Հրաչ) Թիրիաքեան
[Թիրիաքեանի հայերէն ու օսմաներէն ստորագրութիւններ]
[Օսմանեան Արխիւներու Տնօրէնութեան պաշտոնական կնիք]  
* * * * *
Այս մէկ նամակը այլեւս փրկուած կարելի է համարել: Տեսնենք թէ Օսմանեան Արխիւներ իմ յառաջիկայ այցելութեանց ընթացքին ի՞նչ նորութիւններ պիտի կարենանք պեղել...